Jump to content

Արշակունիներ

Արշակունիներ
Տեսակ նախարար? եւ արքայատոհմ?[1]
Մասն է Պարթև Արշակունիներ?[1] եւ Հայ ազնվականություն?
Երկիր Կաղապար:Դրօշաւորում/Մեծ Հայք
Տիտղոսներ Մեծ Հայքի Արքափ
Հիմնադիր Տրդատ Ա
Հիմնում 66
Աւարտ 428[1]
Ազգային
պատկանելիութիւն
Հայ
Դաւանանք հեթանոսություն? եւ քրիստոնէութիւն
Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը (298-387)

Արշակունիներ, պարթեւական արքայատոհմ։ Մ.թ.ա. 247 թուականին իշխանութեան հասած է Պարսկաստանի մէջ եւ երկիրը կառավարած՝ շուրջ կէս հազարամեակ՝ մինչեւ մ.թ. 226 թուականը։ Այդ ընթացքին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրապետող էր հելլենիզմը:

Պարթեւ Արշակունիները կարողացած են իրենց գերիշխանութիւնը եւ տոհմական ճիւղերը հաստատել Մեծ Հայքի, Վիրքի եւ Աղուանքի մէջ։ Հայաստանի մէջ Արշակունիները հաստատուած են 52 թուականէն (Ըստ Մ. Խորենացիի՝ Արշակունեաց հարստութեան հայկական ճիւղի հիմնադիրը Հայաստանի մէջ հանդիսացած է Վաղարշ Բ.-ն (186-198) եւ իշխած են մինչեւ 428 թուականը։

Վրաց Արշակունիներու իշխանութիւնը տեւած է մէկ դար՝ 189-284: Աղուանքի մէջ մազքթաց Արշակունիները իշխած են մ.թ. առաջին դարէն մինչեւ 510 թուականը։

Հայ Արշակունիներու տիրապետութեան ժամանակ Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը կրած է քաղաքական, տնտեսական, մշակութային փոփոխութիւններ։ Անոնց մէջ կ'առանձնանայ աւատատիրական կարգերու հաստատումը (3-5-րդ դարեր), քրիստոնէութեան ընդունումը (301) եւ հայ գիրերու գիւտը (405)։ 387 թուականին Հայաստանը առաջին անգամ բաժնուած է Հռոմէական կայսրութեան եւ Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ։ Արեւմտեան հատուածին մէջ նոր թագաւորներ չեն կարգուած, իսկ արեւելեան հատուածին մէջ հայ Արշակունիները իշխած են մինչեւ 428 թուականը։

Հայոց պետականութեան անկումէն յետոյ քանի մը իշխանական տուներ (Մամիկոնեաններ, Սիւնիներ, Բագրատունիներ, Արծրունիներ եւ այլք) պահպանած են Հայաստանի՝ որպէս վարչաքաղաքական միաւորի ու մշակութային-կրօնական կեդրոնի ամբողջութիւնը, որու շնորհիւ հայոց թագաւորութիւնը Բագրատունիներու գլխաւորութեամբ վերականգնուած է 885 թուականին։

Արշակունեաց տոհմի հաստատումը Մեծ Հայքի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Հայքը «խառնակ ժամանակաշրջանին» (1-52 թուականներ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաշիսեան հարստութեան անկումէն յետոյ (մ. թ. Ա. դ. սկիզբ) Մեծ Հայքի մէջ քաղաքական ազդեցութեան համար մրցակցած են Հռոմն ու Պարթեւներու թագաւորութիւնը։ Պարթեւ Արշակունիները ջանացած են Հռոմը դուրս մղել Մեծ Հայքէն՝ այնտեղ հաստատելով իրենց տոհմաճիւղի գերիշխանութիւնը։ Պարթեւաց Արտաւան III թագաւորի որդեգրած քաղաքական այդ ծրագիրը չէ իրագործուած, Մեծ Հայքի մէջ թագաւորող անոր որդիները՝ Որոդեսն ու Արշակ Ա.-ն տապալած են Հռոմի կայսր Տիբերիոս Կլավդիոս Ներոնի (14-37) միջամտութեամբ։ Հայերու դէմ հրահրելով աղուանական, վրացական եւ հարեւան այլ ցեղեր՝ Տիբերիոսը 36 թուականին Մեծ Հայքի գահը յանձնած է Իբերիայի թագաւոր Փարսամանի եղբօրը՝ Միհրդատին։ Նոյն կայսեր համաձայնութեամբ 37 թուականին Մեծ Հայքի Գոդերձական գաւառը միացուած է Իբերիային, իսկ Հայոց Միջագետքը՝ Ադիաբենէին։ Միեւնույն ժամանակ, Կոմագենէի եւ Փոքր Հայքի հայկական թագաւորութիւնները Տիբերիոսը վերածած է հռոմէական նահանգներու։ Տիբերիոսի հակահայկական քաղաքականութիւնը սրած է հայերու դժգոհութիւնն ու թշնամանքը Հռոմի նկատմամբ, որու արդիւնքով 37 թուականին հայերը ապստամբած էն եւ զօրավար Դեմոնաքսի առաջնորդութեամբ գահընկէց ըրած՝ Միհրդատ Իբերացին եւ վտարած՝ երկրէն։ Հռոմի նոր կայսր Գայոս Կեսար Գերմանիկոսը (Կալիգուլա) (37-41) ճանչցած է Մեծ Հայքի ինքնուրոյնութիւնը, վերականգնած՝ Փոքր Հայքի եւ Կոմագենէի թագաւորութիւնները։ Կլավդիոս կայսրը (41-54) Հայքի նկատմամբ շարունակած է Տիբերիոսի քաղաքական գիծը։ 43-ին հռոմէական եւ իբերական ուժերով ան Մեծ Հայքի գահին դարձեալ նստեցուցած է Միհրդատը, որ չէ ճանչցուած եւ յենարան չէ գտած հայոց մէջ։ Հայերն անտարբերութեամբ վերաբերուած են Միհրդատի սպանութեան (51) անոր եղբօրորդիի եւ փեսայի՝ Հռադամիզդի ձեռքով։

Պայքար հայոց գահի համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

40-ական թուականներուն ներքին գահակալական կռիւներով զբաղուած պարթեւական պետութիւնը ի վիճակի չէ եղած միջամտելու Մեծ Հայքի գործերուն։ Պարթեւական պետութիւնը վերստին կը հզօրանայ Վաղարշ I թագաւորի ժամանակ (52-80)։ Մեծ Հայքի նկատմամբ Վաղարշը կը շարունակէ Արտաւան III-ի քաղաքական գիծը։

Տրդատ Ա.-ի կարճատեւ գահակալութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը I դարի I քառորդին, Արշակունեաց հարստութեան առաջին գահակալներու օրով

52-ին պարթեւական բանակը կը մտնէ Մեծ Հայք եւ գահ կը բարձրացնէ Վաղարշի կրտսեր եղբայր Տրդատը։ Արտաշատ եւ Տիգրանակերտ մայրաքաղաքները կ'ընդունին Տրդատը, Իսկ Հռադամիզդը կը փախչի Վիրք։ Սակայն զօրքի մէջ համաճարակ սկսելու եւ 53-ի խստաշունչ ձմռան պատճառով Տրդատը ետ կը քաշուի Ատրպատական։ Հռադամիզդը, օգտուելով ընձեռուած հնարաւորութենէն, կրկին մուտք կը գործէ Արտաշատ, սակայն հայերը զէնքի ուժով կը վտարեն զինք եւ 54-ին կը հրաւիրեն Տրդատը։ Հռոմի նոր կայսր Ներոնը (54-68), պարթեւներուն դէմ ապստամբութեան դրդելով Վրկանաց երկիրը եւ Վաղարշի դէմ հանելով գահի նոր յաւակնորդը, 54-ին Արեւելք կ'ուղարկէ խոշոր բանակ (24.000 զինուոր)՝ Ասորիքի կուսակալ Ումիտիոս Կվադրատոսի եւ Գնեոս Դոմետիոս Կորբուլոնի առաջնորդութեամբ, որուն պէտք է միանային Կոմագենէի, Պոնտոսի, Փոքր Հայքի եւ Ծոփքի զօրքերը։ Վաղարշ I-ը ստիպուած՝ 55-ին հաշտութիւն կը խնդրէ Ներոնէն՝ Հռոմ ուղարկելով քանի մը փառատենչ Արշակունի իշխաններ։ Սակայն Տրդատը չի հեռանար Մեծ Հայքէն եւ կը շարունակէ գահակալել։ Հռոմի Ներոն կայսրը Կորբուլոնին կը հրահանգէ տապալել Տրդատի իշխանութիւնը։

58-ի գարնան Կորբուլոնի բանակը (30.000 զինուոր) կը ներխուժէ Մեծ Հայք, որու հիւսիսային գաւառները մինչ այդ ասպատակած էին իբերական զօրքերը։ Զրկուելով Վրկանաց երկրի դէմ պատերազմող Վաղարշի օգնութենէն՝ Տրդատը կը նահանջէ Ատրպատական։ Անպաշտպան Արտաշատ մայրաքաղաքը գրաւելէն եւ կործանելէն յետոյ, Կորբուլոնը Տարօնով կը մտնէ Աղձնիք եւ կը գրաւէ Տիգրանակերտ քաղաքը։ 60 թուականին նուաճուած Մեծ Հայքին թագաւոր կը նշանակուի Տիգրան Զ.-ն։

Հռանդեայի հաշտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

61 թուականին Վաղարշ I-ը Գերագոյն ժողովին մէջ Տրդատին թագաւոր կը պսակէ եւ պարթեւական ուժերը կը կեդրոնացնէ Հռոմի եւ անոր դրածոյ՝ Տիգրան Զ.-ի դեմ։ Պարթեւական զօրքերու մէկ մասը Տրդատի առաջնորդութեամբ կը մտնէ Մեծ Հայք։ Նոյն 61-ի ամռան հռոմէական մեծ զօրաբանակ մը Կապադովկիայի կուսակալ Կեսենիոս Պետոսի հրամանատարութեամբ կը շարժի Մեծ Հայքի դէմ՝ զայն նուաճելու մտադրութեամբ։ Կապադովկիայի մէջ ձմեռելէն յետոյ, 62-ի գարնան հռոմէական բանակը կը ներխուժէ Մեծ Հայք եւ կը ճամբարէ Արածանիի ափին, Ծոփաց նահանգի Հռանդեայ (հայ. Եռանդ) կոչուող ամրացուած վայրին մէջ։ Հայ-պարթեւական միացեալ ուժերըկը խորտակեն Հայկական Տաւոսի լեռնանցքները պաշտպանող հռոմէական պահակակէտերը եւ արագ ռազմերթով կը պաշարեն Պետոսի բանակի ճամբարը՝ հարկադրելով վերջինիս յանձնուիլ։ Կարճատեւ բանակցութիւններէն յետոյ, որ կը վարէր հայ-պարթեւական միացեալ ուժերու սպարապետ Վասակը, Պետոսը հաշտութիւն կը խնդրէ, կը զինաթափուի եւ յանձնելով գերիները ու կողոպտուած ռազմավարը, հապճեպով կը նահանջէ։

Տրդատ Ա-ի ուղեւորութիւնը Հռոմ եւ հաստատումը Մեծ Հայքի գահին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

64-ին Արեւելք կը ժամանէ հռոմէական նոր զօրաբանակ՝ Կորբուլոնի առաջնորդութեամբ, որ նոյն Հռանդեայ վայրին մէջ բանակցութիւններ կը վարէ Տրդատի հետ, որու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք կը բերուի, որ Տրդատը մեկնի Հռոմ եւ իր թագն անձամբ ստանայ կայսրէն։ 65-ին մեծ շքախումբով (3000 մարդ) Տրդատը ճանապարհ կը դրուի դէպի Հռոմ, ուր ճոխ հանդիսաւորութեամբ կը թագադրուի եւ 66-ին կը վերադառնայ ու խաղաղութեամբ կը թագաւորէ Մեծ Հայքին։ Տրդատ Ա.-ի գահակալութեամբ Մեծ Հայքի մէջ վերջնականապէս կը հաստատուի Արշակունիներու թագաւորական ճիւղը։

Արշակունեաց գահակալութիւնը Մեծ Հայքի մէջ (52 – 428)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գահակալման յետագայ տարիներուն (52 – 88 ) Տրդատ Ա. թագաւորը նշանաւոր եղած է շինարարական եւ բարենորոգչական գործունէութեամբ։ Տրդատին յաջորդած է Սանատրուկը, որ 91-ին գրաւած է նաեւ Եդեսիայի թագաւորութիւնը (Օսրոենէ)՝ կրելով «Մեծ Թագաւոր Հայոց Մեծաց եւ Եդեսիոյ» տիտղոսը։ Ան արքունիքը փոխադրած է նորակերտ Մծուրք (Մծուռն, ըստ Խորենացու սակայն՝ Մծբին) քաղաքը։ Սանատրուկէն յետոյ Մեծ Հայքի մէջ յաջորդաբար թագաւորած են Պարթեւաց Բակուր II թագաւորի որդիներ Աշխադարն ու Պարթամասիրը։ Վերջինս գահակալած է առանց Հռոմի նախնական համաձայնութեան։ Տրայանոս կայսրը Պարթամասիրի գահակալութիւնը դիտելով իբրեւ Հռանդեայի պայմանագրի խախտում, 114-ին տապալած է զայն եւ խոշոր բանակով յարձակած՝ Մեծ Հայքի վրայ, կարճ ժամանակով նուաճելով երկիրը։ Տրայանոսի արկածախնդրութեան ձախողումէն եւ Հռանդեայի պայմանագրի վերահաստատումէն յետոյ (117) Մեծ Հայքի մէջ թագաւորած է Սանատրուկի որդի Վաղարշ Ա-ն։ Ան արքունիքը հաստատած է նորաշէն Վաղարշապատ քաղաքին մէջ, կառուցած է նաեւ Վաղարշաւան (Բասէն գաւառին մէջ) եւ Վաղարշակերտ (յետագային՝ Ալաշկերտ, Բագրեւանդ գաւառին մէջ) քաղաքները, կատարած է պետական բարենորոգումներ։ Անտոնինոս Պիոս կայսրը, խախտելով Հռանդեայի պայմանագիրը, 140-144-ի միջեւ գահազրկած է Վաղարշ Ա-ը եւ Մեծ Հայքի գահին կարգած՝ Էմեսայի իշխանատոհմի ներկայացուցիչ Սոհեմոսին։ 161-163-ին ընդմիջուած է Սոհեմոսի գահակալութիւնը. Պարթեւաց Վաղարշ III թագաւորը տապալած է զայն եւ գահ բարձրացուցած՝ Բակուր Բ. Արշակունին։ Հռոմի ջանքերով Սոհեմոսը երկրորդ անգամ գրաւած է Մեծ Հայքի գահը։ Անոր մահէն (186) յետոյ Մեծ Հայքի մէջ թագաւորած է Վաղարշ Բ.-ն։ Ներքին անկայուն վիճակի մէջ գտնուող Հռոմը համաձայնած է Մեծ Հայքի մէջ կատարուած այս փոփոխութեան, պարտաւորուած է հայկական մեծաթիւ հեծելազօրին ռոճիկ վճարել՝ կովկասեան հրոսակ ցեղերու ներխուժումներէն Կովկասի լեռնային կիրճերը հսկելու համար։ Վաղարշ Բ-ով վերջնականապէս հիմնաւորուած է հայ Արշակունիներու ժառանգական հարստութիւնը։ Մեծ Հայքի մէջ գահակալող Արշակունիները հայացած են՝ հետեւելով հայոց մէջ արմատաւորված ինքնուրոյն պետականութեան եւ հելլենիստական մշակոյթի նախկին աւանդներուն՝ հակադրուելով թէ՛ Հռոմի, թէ՛ Պարթեւստանի զարգացման միտումներուն։ Վաղարշ Բ.-ին յաջորդած է որդին՝ Խոսրով Ա.-ն, որ խոշոր արշաւանքով պատժած է կովկասեան ցեղերը եւ ամրացուցած լեռնային կապանները։ 216-ին Հռոմի կայսր Կարակալան, խարդախութեամբ ձերբակալելով Խոսրով Ա-ը, փորձած է Մեծ Հայքը դարձնել հռոմէական տարածք։ Սակայն հայկական զօրքերը յաղթանակ տարած են Հայք ներխուժած հռոմէական զօրքերուն նկատմամբ եւ պաշտպանած անոր անկախութիւնը՝ թագաւոր հռչակելով Խոսրով Ա.-ի որդին՝ Տրդատ Բ.-ը։ Հռոմի նոր կայսր Մակրինոսը 217 թուականին հարկադրաբար ճանչցած է Տրդատ Բ-ի թագաւորութիւնը։

Արշակունի արքաների քնադակը Աղցքի դամբարանում
Արշակունի արքաներու քանդակը Աղցքի դամբարանին մէջ

224-227-ին Պարսից Սասանեանների տոհմը, խլելով հիւծուած Պարթեւաց Արշակունիներու գահը, հետեւողականօրէն պայքարած է Արշակունեաց միւս ճիւղերուն դէմ՝ զանոնք համարելով գահի հակառակորդներ։ Սասանեան հարստութեան հիմնադիր Արտաշիր I-ը մօտ 230-ին յարձակած է Մեծ Հայքի վրայ՝ զայն նուաճելու նպատակով, սակայն պարտուած է եւ նահանջած։

Սասանեաններուն դէմ պայքարի մէջ հայ Արշակունիները դաշնակցած են Հռոմի հետ։ Շապուհ II Սասանեանը, օգտուելով Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաւոր թուլացումէն, նուաճած է Մեծ Հայքը եւ այնտեղ թագաւոր նշանակած իր գահաժառանգ որդին՝ Որմիզդ-Արտաշիրը (262-272), որուն յաջորդած է իր եղբայրը՝ Ներսեհը (272-293)։ Մեծ Հայքի մէջ վերջիններուս վարած հակաարշակունի քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ զրադաշտականութեան ներմուծման փորձերը անցած են ապարդիւն։

297 թուականին հայ-հռոմէական զօրքերը, Դիոկղետիանոս կայսեր զօրավար Գալերիոս Մաքսիմիանոսի եւ Խոսրով Բ-ի որդի Տրդատ Գ Մեծի առաջնորդութեամբ Բասէն գաւառի Ոսխա գիւղի մօտ ճակատամարտին յաղթած են Պարսից արքայից արքա Ներսեհի բանակին եւ վերականգնած՝ Արշակունիների գահակալութիւնը Մեծ Հայի մէջ։ 298 թուականին Մծբին քաղաքին մէջ կնքուած 40-ամեայ խաղաղութեան պայմանագրով Սասանեան Իրանը ճանչցած է Մեծ Հայքի մէջ Արշակունիներու թագաւորութիւնը եւ անոնց նկատմամբ Հռոմի հովանաւորութիւնը։ Տրդատ Գ-ի օրօք երկիրը վայելած է խաղաղութիւն եւ բարգաւաճած։ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը հռչակուած է պետական կրօն։

Տրդատ Գ-ի որդին եւ յաջորդը՝ Խոսրով Գ Կոտակը, վարելով պետութեան կեդրոնացման քաղաքականութիւն, հսկած է հզօր նախարարներու գործունէութիւնը՝ անոնց մշտապէս բնակեցնելով արքունիքի մէջ, բնաջնջած է պառակտիչ տոհմերը՝ բռնագրաւելով անոնց կալուածները։ Խոսրով Գ-ը շինարարութիւն ծաւալած է. հիմնած է Դուին քաղաքը, շրջակայքը պատած է անտառով՝ «Տաճար Մայրի» եւ «Խոսրովակերտ» արգելանող-որսարաններով։ 338-ին յաղթած եւ դուրս վռնտած է երկիր ներխուժած պարսկական զօրքերը։

Խոսրովի մահէն յետոյ, 338-ի աշնան պարսկական բանակը գրաւած է Մեծ Հայքը։ Գահաժառանգ Տիրանը թագաւորած է Հռոմի օգնութեամբ։ Ան վարած է պետական իշխանութեան կեդրոնացման քաղաքական գիծ։ Անով օրով, սակայն, շարունակուած են նախարարութիւններու եւ եկեղեցիի, մասնաւորաբար հայրապետական գահի ժառանգական տէրերու՝ Գրիգոր Լուսավորչի տոհմի կեդրոնախոյս ձգտումները։ Անոր օրով կաթողիկոս էր Յուսիկը, որուն Տիրանը քարկոծելով սպաննեց, քանի որ Յուսիկը թոյլ չէր տուած իրեն մտնել եկեղեցի։ Պարսիկները որոշ ժամանակ անց դաւադրաբար կը գերեն եւ կը կուրցնեն արքան։ Աւատատիրական ներքին հակամարտութիւնները առաւել սրուած են Տիրանի յաջորդին եւ որդիին՝ Արշակ Բ.-ի գահակալութեան ժամանակ։ Արշակ Բ.-ի մեղմ եւ զիջողական քաղաքականութիւնն աւատատիրական խոշոր իշխանութիւններուն նկատմամբ անցած է ապարդիւն։ Ի վերջոյ ան վարած է կեդրոնախոյս ուժերը բռնութեամբ սանձելու քաղաքականութիւն։ Տիրանի եւ Արշակի օրով թագաւորական իշխանութեան համար պայքարի մէջ աչքի ընկած է հայ արքունիքի խոշոր գործիչ Հայր Մարդպետը։ Երկրի ներքին եւ արտաքին դրութիւնը ծանրացած է Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ կնքուած հակահայկական համաձայնագրի ստորագրումէն յետոյ («Ամօթալի դաշնագիր» 363), երբ Արշակ Բ.-ն մաքառած է ո՛չ միայն պարսից բանակին, այլեւ Շապուհ II-ի խրախուսմամբ աշխուժացած կեդրոնախոյս ուժերուն դէմ։ 364-368-ին Արշակ Բ-ը հերոսական ջանքերով պահպանած է թագաւորութիւնը։

Արշակի ձերբակալութենէն յետոյ երկրի պաշտպանութիւնը ղեկավարած են Փառանձեմ թագուհին ու թագաժառանգ Պապը։ 371-ի գարնան Ձիրավի դաշտին մէջ (Նպատ լեռան մօտ) տեղի ունեցած ճակատամարտին հայ-հռոմէական զօրքերը յաղթած են պարսից բանակին եւ ազատագրած Մեծ Հայքը։ Պապը մեծցուցած է արքունի բանակը, ընկճած՝ նախարարներու եւ եկեղեցիի անհնազանդութիւնները, կատարած երկրի կեդրոնացումն ու հզօրացումն ապահովող բարեփոխումներ։ Հռոմէական իշխանութիւնը, երկիւղելով Հայոց երիտասարդ թագաւորի ձեռներէցութենէն, 374-ի աշնան դաւադրութեամբ սպաննած է զինք եւ Մեծ Հայքի գահին դրած Վարազդատը։ Սասանեան Իրանը Հայոց սպարապետ Մանուէլ Մամիկոնեանի եւ պարսկասէր նախարարներու միջոցով Վարազդատը տապալելէն յետոյ, 387-ին Հռոմի հետ համաձայնած է բաժնել Մեծ Հայքը։ Մեծ Հայքի ծայրագաւառներն անդամատուած են, մնացած գաւառներուն մօտ 4/5-ը ճանչցուած է պարսկական ազդեցութեան շրջան, 1/5-ը՝ հռոմէական։ Հոն առժամանակ ձեւականօրէն պահպանուած են Արշակունի գահակալները։ Պապի որդի Արշակ Գ.-ի մահով (389) հռոմէական մասը վերածուած է շրջանի։ Պարսկական մասին մէջ մինչեւ 428-ը յաջորդաբար թագաւորած են Խոսրով Դ, Վռամշապուհ եւ Արտաշիր Արշակունի արքաները։ Վերջինիս գահազրկումէն (428) յետոյ Մեծ Հայքի պարսկական հատուածը վերածուած է մարզպանութեան։ Մեծ Հայքի Արցախ եւ Ուտիք նահանգները Մազքթաց Արշակունիներու պետութեան տարածքին հետ միասին կազմեցին Աղուանից մարզպանութիւնը։

Հայոց պետականութեան եւ հայ Արշակունիներու թագաւորութեան վերացումը եղած է ներքին աւատատիրական յարաբերութիւններու զարգացման եւ արտաքին տէրութիւններու՝ Հռոմի եւ Սասանեան Իրանի ռազմական միջամտութիւններու հետեւանք։

Արշակունիներու շառաւիղները յետագայ դարերուն կը հանդիպին Բիւզանդական կայսրութեան մէջ՝ որպէս հմուտ զօրավարներ։

Հայ Արշակունիներու գահացանկը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անունը Իշխած է Նշումներ
Տրդատ Ա 66 - 88 պարթեւ արքայ Վոնոն Բ-ի որդին, Վաղարշ Ա-ի եղբայրը
Սանատրուկ 88 - 110 Տրդատ Ա-ի որդին
Աշխադար 110 - 113 Բակուր Բ Պարթեւի որդին
Պարթամասիր 113 - 114 Բակուր Բ Պարթեւի որդին
հռոմէական բռնազաւթում 114 - 116
Վաղարշ Ա 117 - 144 Սանատրուկի որդին
Սոհեմոս 144 - 161, 164-186 Ասորիքի Էմեսա քաղաքի թագաւոր
Բակուր Ա 161 - 163
Վաղարշ Բ 186 - 198 Վաղարշ Ա-ի հարազատներէն
Խոսրով Ա 198 - 217 Վաղարշ Բ-ի որդի
Տրդատ Բ 217 - 252 Խոսրով Ա-ի որդի
Արտաւազդ Ե 252 - 272 Տրդատ Բ-ի որդի
Խոսրով Բ. 272 - 287 Արտավազդ Ե-ի որդի
Տրդատ Գ Մեծ 287 - 330 Խոսրով Բ-ի որդի
Խոսրով Գ Կոտակ 330 - 338 Տրդատ Գ-ի որդի
Տիրան Բ 338 - 350 Խոսրով Գ-ի որդի
Արշակ Բ 350 - 368 Տիրան Բ-ի որդի
Պապ Թագաւոր 368 - 374 Արշակ Բ-ի որդի
Վարազդատ 374 - 378 Անոբի որդի, Արշակ Բ-ի թոռ
Արշակ Գ 378 - 389 Պապի որդի
Խոսրով Դ 387 - 389, 415-416
Վռամշապուհ 389 - 415 Խոսրով Դ-ի եղբայր
Շապուհ պարսիկ 416 - 420
թափուր 420 - 422
Արտաշէս Գ 423 - 428 Վռամշապուհի որդի


  • Ասատրեան Հ., Քաղաքական վերաբերութիւններ ընդմէջ Հայաստանի եւ Հռովմա, Վնտ. 1912
  • Մանանդեան Հ., Քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան, հ.1, Երեւան, 1944, h.2, մաս 1, Երեւան, 1957
  • Հայ ժողովուրդի պատմութիւն, h.1., Երեւան, 1971
  • Toumanoff C., The Third century Armenian Arsacids. A chronological and genealogical commentary. “Revue des études arméniennes”, nouvelle serie, 1970, t.6
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  1. 1,0 1,1 1,2 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.